2014-12-25 10:36:47

Սուրբ Ծնունդը` դժոխքէն դուրս գալու յոյսը։


(Ռ.Վ 25 դեկտեմբեր 2014) ''Քրիստոնեայ սուրիացիները Յիսուսի ս. Ծնունդը կը տօնեն այն յոյսով որ վերջ տրուի պատերազմին'', յայտարարած է գերապայծառ Զենարին` Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպանը։
Այս չորրորդ տարին է որ սուրիացի քրիստոնեաները կը տօնեն ս. Ծնունդը զէնքի եւ ռումբերու տակ։ Սուրիոյ շատ մը վայրերու մէջ, քրիստոնեաները հրապարակաւ չեն կրնար տօնել Յիսուսի ծնունդը քանի ծայրայեղ մահմետականներու իշխանութեան ներքեւ կը գտնուին։
Առաքելական դեսպանը դիտել կու տայ թէ Սուրիոյ մէջ Ծնունդը գրեթէ դարձած է ողջ ծնունդ մը, մանուկները կը ծնին ցուրտ պայմաններու մէջ, բազմաթիւ ընտանիքներ վերմակ մը իսկ չունին պաղէն պաշտպանուելու, մի քանի օրէն պիտի յիշատակենք սուրբ Ընտանիքի Եգիպտոս փախուստը` այլ պատկեր մը սուրիացի ընտանիքին, շատեր ապաստան գտան հարեւան երկիրներուն մօտ եւ նոյնիսկ Եգիպտոսին մէջ։
Հակառակ այս ժխտական կացութեան Վատիկանի դիւանագէտը դիտել կու տայ թէ ''Բարեբախտաբար յոյսը բնաւ չի պակսիր, հաւատացեալը իր յոյսը դրած է Տիրոջ վրայ եւ վստահ է որ Տէրը զինք պիտի չլքէ։ Միջազգային հասարակութիւնը եւս համոզուած է որ այս դժոխքէն դուրս պէտք է գալ ։ Մեր աղօթքն է որ Տէրը շուտով իր խաղաղութիւնը պարգեւէ Սուրիոյ տառապող ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.